Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն

Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն
shadow
Այս շաբաթ գիտցայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 7,5 միլիոն դրամ (մօտ 19 հազար տոլար) ծախսած է ճամբորդութեան, կեցութեան եւ սնունդին համար տասը թուրք լրագրողներու, որոնք Երեւան հրաւիրուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց կատարելու համար: Բարեբախտաբար ասիկա մեծ գումար չէ, սակայն անոնց ծախսերը հոգալը լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է:

Փաշինեանի Դատապարտելի Յայտարարութիւնները Թուրք Լրագրողներուն

 Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Այս շաբաթ գիտցայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 7,5 միլիոն դրամ (մօտ 19 հազար տոլար) ծախսած է ճամբորդութեան, կեցութեան եւ սնունդին համար տասը թուրք լրագրողներու, որոնք Երեւան հրաւիրուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց կատարելու համար: Բարեբախտաբար ասիկա մեծ գումար չէ, սակայն անոնց ծախսերը հոգալը լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է:

Ես նաեւ տեղեկացայ, որ հարցազրոյցէն առաջ վարչապետին օգնականները գրաւած են թուրք լրագրողներուն բջիջային հեռաձայններն ու նկարահանման գործիքները, որպէսզի անոնք չկարենան ձայնագրել հարցազրոյցը: Ձայնագրութիւնը կատարուած է միմիայն վարչապետին գրասենեակին կողմէ: Ասիկա լրագրողներու հետ վարուելու շատ անսովոր եւ անընդունելի ձեւ է:

Հետաքրքրական է, որ թուրք լրագրող Ֆարհաթ Պորաթաւը նշած է, որ՝ «Տաղաւարները (Երեւանի օդակայանին մէջ), ուր նստած էին հայ ոստիկանները, բերուած են Թուրքիայէն՝ Վրաստանի տարածքով»:

Թուրք լրագրողը հետաքրքրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Փաշինեանի յաճախակի մեկնաբանութիւններով: Ան հարցուց. «Կ՛ուզեմ, որ անդրադառնայիք այս թեմային ուշադրութիւն դարձնելու պատճառներուն: Ինչի՞ կ՛ուզէք հասնիլ այս ձեւով՝ թէ՛ այստեղի ձեր քաղաքացիներու, թէ՛ սփիւռքի շրջանակներուն մէջ»։

Փաշինեան պատասխանեց. «Իմ ընկալումն այն է, որ պատմութեան մեր դասերը մենք պէտք է ծառայեցնենք այսօրուայ մեր պետութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան շահերին, պետական շահերին եւ ապագայի շահերին: Եւ ի միջի այլոց, իմ ընկալմամբ, այս խօսակցութիւնը հասունացած է ե՛ւ Հայաստանում ե՛ւ սփիւռքում …. ոչ միայն ներհայաստանեան կամ հայերի միջավայրում, այլեւ՝ տարածաշրջանային առումով, որովհետեւ դա էլ է հարց: Պատմութիւնը ինչի՞ համար ենք օգտագործում, որ պատմական կոնֆրոնտացիաները (առճակատումները) դառնան յաւիտենակա՞ն, թէ՞ պատմական կոնֆրոնտացիաները մեզ համար ուղերձ են` խաղաղ, համագործակցուած, տարածաշրջանային իմաստով կայուն ապագայ կառուցելու համար: Ես այս երկրորդ ընկալման կողմնակից եմ»:

Այլ թուրք լրագրող մը հարցուց. «Դուք կ՛օգտագործէք «internal armenization of genocide» (ցեղասպանութեան ներքին հայեացում): Կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ Ցեղասպանութեան հարցը հիմա ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ ձեզի, ատիկա արդէն նախկին, անցած փո՞ւլ է, անցեալի մէ՞ջ մնացած հարց է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու առումով: Եւ Հայաստան նախապէս, ինչպէս գիտենք, կը վարէր քաղաքականութիւն, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը ընդունուի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն  կողմէ եւ այլն: Կրնա՞նք ըսել, որ այս քաղաքականութիւնը արդէն պիտի չկիրարկուի: Նոյն ձեւով, ձեր սահմանադրութեան ներածական մասին մէջ կան բաժիններ, ուր տեղ գտած են Արեւմտեան Հայաստան եւ Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնները: Եթէ սահմանադրութիւնը փոխուի ձեր երկրին մէջ, անոնք տեղ պիտի չգիտե՞ն նոր սահմանադրութեան մէջ»:

Փաշինեան պատասխանեց. «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեր արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնների մէջ չի մտնում այսօր»: Այդուհանդերձ, ան աւելցուց՝ առանց օգտագործելու ցեղասպանութիւն եզրը. «Հայաստանում եւ հայութեան շրջանում դա անառարկելի ճշմարտութիւն է: Այսինքն ուղղակի մեր իրականութեան մէջ հնարաւոր չէ դա կամ ժխտել, կամ ուրանալ, որովհետեւ դա բոլորիս համար անուրանալի ճշմարտութիւն է, բայց խօսքը դրա մասին չէ»: Բայց եւ այնպէս, ան նուազագոյնի հասցուց Ցեղասպանութեան ճանաչման նշանակութիւնը` ըսելով, որ երբ հեռաւոր երկիրներ նման որոշում կու տան, երբ ոգեւորութիւնը կը մարի, յաջորդ պահուն հարցում մը կը ծագի՝ «Իսկ այդ որոշումն ի՞նչ է մեզ տալիս մեր անմիջական միջավայրի հետ մեր յարաբերութիւններում: Երբ մենք անմիջական միջավայրում ունենում ենք լարումներ, այդ լարումներն ինչքանո՞վ են նպաստում մեր երկրում, մեր տարածաշրջանում կայունութեանը, խաղաղութեանը եւ այլն, եւ այսպէս՝ շարունակ»:

Իր 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցի ամբողջ տեւողութեան Փաշինեան միայն մէկ անգամ օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզրը, մինչդեռ թուրք լրագրողը իր հարցումին մէջ չորս անգամ օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզը: Մնացեալ ժամանակին ընթացքին Փաշինեան ցեղասպանութիւնը անուանեց «որոշում» (6 անգամ), «անիկա» (3 անգամ), «պատմութիւն» (39 անգամ), «մեծ ողբերգութիւն» (մէկ անգամ):

Փաշինեան սխալեցաւ, երբ ըսաւ, որ՝ «Այն ժամանակաշրջանը, երբ տեղի է ունեցել այդ մեծ ողբերգութիւնը, եղել է մի ժամանակաշրջան, երբ չի եղել Հայաստանի Հանրապետութիւն»: Հայաստանի վարչապետը կարծես չի գիտեր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեւած է 1915-1923 թուականներուն, այդ ընթացքին՝ 1918-1920 թուականներուն, գոյութիւն ունեցած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Շատ հիասթափեցնող էր նաեւ Փաշինեանի այն հարցումը, թէ ի՛նչ տուաւ մեզի հեռաւոր երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան պէտք է գիտնայ, որ եթէ չըլլար սփիւռքի տասնամեակներու ձգտումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար, աշխարհի մէջ ոչ ոք ցարդ կը յիշէր, որ գործուած է նման ցեղասպանութիւն, բան մը, որմէ շատ գոհ պիտի ըլլար թրքական կառավարութիւնը: Ճանաչումէն անդին, օր մը, երբ Հայաստանի մէջ ազգային իշխանութիւն ըլլայ եւ միջազգային համապատասխան հանգամանքներ ստեղծուին, հայերը հետամուտ պիտի ըլլան փոխհատուցում ստանալու Ցեղասպանութենէն իրենց կրած կորուստներուն համար, ներառեալ՝ բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքը եւ բռնազաւթուած տարածքները:

Փաշինեան շարունակեց` ըսելով, որ Հայաստան հիմնականօրէն պէտք է խաղաղութիւն հաստատէ իր անմիջական դրացիներուն հետ, ոչ թէ՝ Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտիայի կամ Պրազիլի հետ: Ան կարծէք չի հասկնար, որ իրական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ, ոչ թէ՝ վերաքննութեան (ռեւիզիոնիզմ) եւ կեղծիքներու վրայ: Ան շարունակեց, որ Թուրքիան պէտք չէ սպառնալիք ըլլայ Հայաստանի համար, ինչպէս Հայաստան պէտք չէ սպառնալիք ըլլայ Թուրքիոյ համար: Վարչապետը, ըստ երեւոյթին, կ՛ապրի երեւակայական աշխարհի մէջ: Համոզուած եմ, որ նախագահ Էրտողան անքուն գիշերներ չ՛անցըներ` մտահոգուելով, որ Հայաստան կրնայ որեւէ պահու յարձակիլ Թուրքիոյ վրայ: Ան անհանգստանալու շատ աւելի կարեւոր հարցեր ունի:

Փաշինեան շարունակեց ծաղրել պատմական Արեւմտեան Հայաստան հասկացողութիւնը` ըսելով, որ Արեւմտեան Հայաստանը ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան մասի քաղաքներն են: Եւ յետոյ, թաքցնելու համար հայկական տարածքներու իր զիջումները, ան կը կատարէ ծիծաղելի յայտարարութիւն, որ այս օրերուն աշխարհագրական սահմաններ չկան` շնորհիւ ընկերային ցանցերու եւ համացանցի, որոնք կը հատեն բոլոր սահմանները:

Ինչպէս որ ակնկալելի էր, թուրք լրագրողները անդրադարձան վարչապետին հետ հարցազրոյցին թրքական տեսանկիւնէ` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ Փաշինեանի «հաշտուողական մօտեցումը» եւ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մերժումը այլեւս խոչընդոտներ չեն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ: Այնուամենայնիւ, յատկապէս գայթակղեցուցիչ թուրք լրագրող, CNN Turk-ի լրատուական տնօրէն Իտրիս Արքանը, Երեւանի Կապոյտ մզկիթին դիմաց կանգնած, անճշդօրէն յայտարարեց թրքական հեռատեսիլի կայանէն, որ պարսիկներու կառուցած մզկիթ՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ պատմական տեսարժան վայր  մը, թրքական է: Ան նոյնիսկ յանդգնեցաւ Երեւանը նկարագրել իբրեւ պատմական թրքական քաղաք: Ահա թէ ինչպէ՛ս հատուցեց CNN Turk-ի լրատուական տնօրէնը Փաշինեանին` Հայաստան կատարած ամբողջութեամբ վճարուած ուղեւորութեան համար:

 

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus